
Սոցիալ-դեմոկրատ հնչակյան կուսակցություն Հնչակեան քսան անմահներ ազգային ազատագրական պայքարի - ՍԴՀԿ - ՀՄՄ Դամասկոս - Կիպրոս
Ուրբաթ Յունիս 16, 2023-ին մեծ շուքով նշուեցաւ Հնչակեան կուսակցութեան «Քսան Կախաղաններու» ոգեկոչումը:
Հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեանի առաջնորդ Դամասկոսի հայոց թեմի, կազմակերպութեամբ՝ ՍԴՀԿ-ի Սուրիոյ Հարաւային շրջանի Վարիչ մարմինի եւ ենթավարչութիւններու: Օրը սկսաւ առաւօտեան, յաւարտ Ս. Պատարագին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակի Ապրիլեան նահատակներու յուշարձանին առջեւ: Իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄՄ-ի փողերախումբը: Երեկոյեան միջոցառումները շարունակուեցան Դամասկոսի ՀՄՄ-ի ակումբէն ներս: Օրուան բանախօսը՝ օրդ. Սալբի Գասպարեանը իր խօսքով ներկաներուն փոխանցեց «Քսաններուն պատգամը»: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ տքթ. Ընկ. Վազգէն Համալեանը: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Սրբազան հայրը, որ իր կարգին սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն:
Գեղարուեստական յայտագիրը ճոխ էր ՀՄՄ-ի եւ Նոր Սերունդի անդամներուն մասնակցութեամբ: Անդամները եւ Սկաուտները մասնակցութիւն բերին ասմունքով, կենդանի պատկերով ,նուագով , երգով, յորդոր խրատներով եւ փողերախումբի բացառիկ եւ իւրայատուկ կատարումով: Ունեցանք նաեւ Վիտէօ կապեր, ՍԴՀԿ-ի աշխարհի տարբեր մասնաճիւղերու հետ , որոնք ներկաներուն փոխանցեցին իրենց բարեմաղթութիւնները: Մասնաւոր ձեւով Լիբանանէն ընկհ. Անի Եփրեմեան իր ասմունքի վիտէօ արձանագրութիւնը ճոխացուց յայտագիրը:
Social Democrat Hunchak Party - Cyprus
Կիրակի, 18 Յունիսին, Նիկոսիոյ Սբ. Աստուծածին եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հնչակեան Քսան Կախաղաններուն, նախագահութեամբ թեմիս կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի: Օրուան պատարագիչ քահանայ հայրը՝ Նիկոսիոյ ծխատէր քահանայ Տէր Մոմիկ Հապէշեան, Քրիստոսի օրինակով եւ Քսաններուն զուգահեռով անդրադարձաւ մարդկութեան տալու եւ նուիրուելու գաղափարին, անձնուիրութեան եւ զոհողութեան: Քսանները դիպուկ օրինակներն էին հայրենիքի եւ ազատութեան զինուորեալներուն:
Պատարագին ներկայ էին ՍԴՀԿ Կեդր. Վարչութեան անդամ ընկ. Համբիկ Թաթուլեան (Թորոնթօ), ՍԴՀԿ Կիպրոսի Վարիչ Մարմնի ընկերներ, Կիպրոսի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչական Ժողովի հնչակեան ներկայացուցիչներ, ընկերներ եւ համակիրներ: Պատարագէն ետք, ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին կանգնած յուշարձանին առջեւ՝ Խորէն Արք.ի, ընկ. Հ. Թաթուլեանի եւ Կիպրոսի Վարիչ Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Գէորգ Զէյթունցեանի կողմէ:
Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցություն